100 տարիներ անցած են արդէն, Օսմանեան հայերու դէմ գործուած ոճիրին , որուն գործօնութիւնը երբեք չէ դադրած: (Այստեղ «օսմանեան հայեր» անուանումը օգտագործուած է նկատի ունեցածզոհերուն Օսմանեան կայսրութեան բնակիչներ ըլլալն ու անկէ ճողոպրած ըլլալու իրողութիւնը. սոսկ անոնց ծագումն ու մշակոյթը,լեզուն ,հաւատքը, աւանդութիւններն ու Պատմութիւնն ու ցեղը, հիմնովին կը բացայայտեն այն իրողութիւնը ,թէ անոնք« Օսմանցի հայեր» են( ի տարբերութիւն Հայ Օսմանցի կոչումին):
Առ այս, Օսմանեան Կայսրութիւնը պարտաւորութիւնը ունէր իր բնակիչները պաշտպանելու, չնայելով անոնց ցեղին, դաւանանքին ու լեզուին:Արդ, այս մարզին մէջ, հանրային միջազգային իրաւունքները կը հաստատեն բնակիչներուն լիիրաւ արժանապատուութեամբ, բարոյական եւ ֆիզիքական իրաւունքներով խաղաղութեան մէջ ապրելու գրաւականը:
Հուսկ,Օսմանեան Կայսրութիւնը մարդասիրական իրաւունքներու եւ մարդկային իրաւունքներու կանոններուն խախտում արձանագրած է:
Իմ դոկտորականի նիւթի ընտրութիւնը՝Հայկական ցեղասպանութեան դատական աշխատութիւնը, իրօք յոյժ դժուարին նախաձեռնութիւն մը եղաւ:
Տրուած ըլլալով որ հայկական ծագում ունիմ, ճշմարտապէս խրթին էր հայրենասիրական յուզումներս մէկդի թողել. սոսկ առաջուց ցանկութիւնս էր ակադեմական,առարկայական եւ գիտական աշխատասիրութեան մը ձեռնարկել:
Դոկտորական աշխատասիրութեանս ընթացքին,գլխաւոր դժուարութիւնը կայացաւ, հայկական Հարցին կարգ մը նորութիւններ օժտելը:
Չնայած հայկական ցեղասպանութիւնը արծարծող հարիւրաւոր, նոյնիսկ հազարաւոր գիրքեր գրուած են.հոս էր որ դժուարութիւնը կը կայանար ՝հարցին առընջուող նորութիւններ հայթայթել մասնաւորապէս լուծում գտնել:Սոսկ ինչպէս իմ գիրքիս աւարտին Վոլթէրի հետեւեալ քառեակը յիշած եմ՝
«Վերջապէս խաղաղութիւնը, խաղաղութիւնը, զոր կը խռովենք ու կը սիրենք, աւելի թանկ է քան նոյնինքն ճշմարտութիւնը»
Ամբողջ աշխատասիրութեանս տեւողութեան, ջանացած եմ արծարծել բոլոր այն խնդրահարոյց լուսաբանելի կէտերը որոնք անմիջականօրէն հայկական ցեղասպանութեան կ'առընչուին.ամէն անգամ, հնարաւորին չափ վճռական պատասխաններ գտնելու գնով:
Դժուարութիւնը կը կայանար նաեւ այն երեւոյթին մէջ, որ իմ բոլոր աշխատասիրութիւններս հիմնաւորուած էին գրեթէ հարիւրամեայ անցեալի մը տուեալներուն վրայ:Հետեւաբար «կամուրջէ »մը պէտքէ անցնէի,կամուրջ մը ,որ կը կապէր ցեղասպանութեան պատմութիւնն ու անցեալը եւ միւս կողմէն ներկան եւ ցեղասպանութեան ապագան:
Իմ գործիս հիմնական նպատակը կը միտէր այս «ապագային»լուծում մը գտնելուն մէջ.լուծում մը որ խարսխուած էր իրականութիւններու վրայ, կառչած առարկայական եւ անաչար տուեալներու , ի մտի ունենալով երկու ընդդիմադիր երկիրներու մօտեցումը:Կը զգայի թէ անկարելի մէկ առաքելութեան մը կանչուած էի, կարծէք քրոնիկ հիւանդութեան մը նոր դեղ մը գտնելու մարտահրաւէրին դիմաց կը գտնուէի:
Իրօք, աշխատասիրութեանս հիմնական խնդիրը կարելի է ամփոփել այսպէս.
Մարդկային իրաւունքներու չափանիշով, 1915-ինօսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած հայկական ջարդերուն դատական ազդեցութիւններն ու հետեւանքները ի՞նչ կրնան ըլլալ, մասնաւորապէս երբ այս ջարդերը ժամանակավրէպ հանգրուանի մը կը պատկանին. նոյնիսկ, նախքան 1948-ի ցեղասպանութեան ոճիրի առընչուող պայմանադրութեան օրինաց հրատարակութեան, ի դիմաց՝ միջազգային բոլոր պայմանադրութիւններուն եւ իրարայաջորդ պատասխանատու պետութիւններուն:
Գոյութիւն ունի՞ն հնարաւոր ու կարելի դատական միջոցներ «հայկական հարցը»լուծելու համար, թէ ա՛լ իրաւականօրէն պատմութեան անհնարին մէկ հարցերէն մին դարձած է, որ տեղի տուած է քաղաքական օրէնսդրութեան,որպէս միակ վճիռ:
Հայերը աշխարհի չորս ծագերուն ալ ,ամբողջ պատմութեան ընթցաքին պահանջատիրական երեք կէտեր ունէին.
-Թուրքիոյ Ճանաչումը , 1915-ի իր գործած ջարդերուն:
-Արեւմտեան Հայաստանի գրաւուած հողերու վերադարձ եւ հատուցում:
-Ղարաբաղեան հարց :
Թուրքիոյ հանրապետութիւնը ,որ 1923-ին Օսմանեան կայսրութեան յաջորդեց , չի հերքեր ջարդերու իրականութիւնը այլ եւ զանց կ'ընէ իր պատասխանատուութիւնը եւ կը մերժէ ցեղասպանութիւն յատկանշումը. յատկապէս քանի որ, ջարդերը տեղի ունեցան 1915-ին, մինչ ցեղասպանութեան պայմանադրութիւնը հրատարակուած էր 1948-ին, ուստի «ոճիրներու օրինականութիւն եւ յանցանք» սկզբունքը կ'արգիլէ պատժական մեղադրութիւնը, ինչպէս նաեւ պայմանադրութեան յետնեալ գործադրութիւնը ըստ 1948-ի համաձայնութեան պայմանադրութեան իրաւունքներուն հակառակ կը սեպուի:
Արդ, անհրաժեշտ էր դիմել բնական իրաւունքներու եւ յատկապէս միջազգային սովորութական անգիր օրէնքներուն եւ ազգային սկզբունքներուն ինչպէս նաեւ Մարթընզի պարբերութեան:
Դրական իրաւունքները գրանցած էին ինչ որ, բնական իրաւունքները ուժգին բացայայտած էին:Հետեւաբար բնական իրաւունքներու եւ դրական իրաւունքներու միատարրութիւնը արեւու նման յստակ է մեր նիւթին մէջ:
Ոմանք կը նկատեն թէ 1915-ի ջարդերը կարելի չէ համարել ցեղասպանութիւն որովհետեւ, երբ ջարդերը տեղի կ'ունենային, այդ ոճիրը միջազգային դրական իրաւունքներու եւ ըստ պատժական իրաւունքներու սկզբունքներունմաս չէր կազմեր,« Առանց յօդուածի ոճիր չկայ»այս ,համարեա անկարելի էր:
Սոսկ, մարդկային սկզբունքներուն լոյսին տակ՝ մարդկային իրաւունքներ, միջազգային սովորութական իրաւունքներ յատկապէս Մարթընզի պարբերութիւնը, կը մղեն մեզ այն համոզումին թէ 1948-ի պայմանադրութիւնը ունէր յայտարար ազդեցութիւն, եւ սոյն ոճիրին բաղադրիչ տարրերը գոյութիւն ունէին արդէն, ոճիրին գործադրումին պահուն որպէս սովորութական միջազգային իրաւունքներու հաստատ չափանիշ:
Արդ, հետաքրքիր է հաստատել եթէ ցեղասպանութեան ոճիրին բաղադրիչ մասնիկները առկա՞յ են 1915-ի ջարդերուն:
Հուսկ անհրաժեշտ էր լուսարձակի տակ առնել զուգընթաց բոլոր փաստերը եւ 1915-ի ջարդերուն ցեղասպանութեան կանխամտածուած ոճիրին եւ անոր համընթաց տուեալներու գիտակցութիւնը եւ շօշափելի գոյութիւնը:
Նոյնպէս, հարկ է նշել թէ, Օսմանեան կայսրութիւնն է ,որ ոճիրը գործածէ եւ ո՛չ թէ արդի Թուրքիան, որ Օսմանեան Կայսրութեան յաջորդը կը նկատուի:
Նկատի առած այս բոլոր տուեալները, անհաւանական է թէ օր մը միջազգային ատեանի դիմացհայկական ցեղասպանութիւնը դատապարտող դատ մը հաստատուի:
Թրքական պատասխանատուուոթիւնը բարոյական պատասխանատուութիւն մը պիտի ըլլայ սոսկ, որ գիտակցութեան պիտի մղէ պատասխանատուութեան եւ մեղաւորի ինքնուրոյն զգացումը՝մարդկային օրէնքներէն ծնունդ առնելով:Ուստի անկարելիութիւն մը կայ միջազգային իրաւական միջոցներով թուրքիան՝ցեղասպանութեան պետը «դատապարտութեան» ենթարկելու:
Նաեւ , անհնարէ ստիպելու թուրքիան, ցեղասպանութիւնը ճանչնալու տրուած ըլլալով որ ո՛չ մէկ դատական բռնադատութիւն կայ թուրք պետութեան դէմ, յատկապէս քանի որ ոճիրը գործուած է օսմանեան Կայսրութեան կողմէ՝ նախահայրը Թուրքիոյ ,որ 1923-ին ստեղծուած է, ինչ որ բարոյական պատասխանատուութեան դուռ մը կը բանայ որ գիտակցութեան կը մղէ յատուկ պատասխանատուութեան զգացում մը, որ մարդկային իրաւունքներէն ծնունդ առած է:
Հուսկ,մեր աշխատասիրութեան մէջ հիմնական հարց մը ծնունդ առաւ,այն ալ՝ միջազգային մակարդակով, իրարայաջորդ պետութիւններու պատասխանատուութեան ստանցնումը:Տրուած ըլլալով որ օսմանեան կայսրութիւնը ի՛նք գործած է ոճիրը,եւ ո՛չ թէ արդի Թուրքիան:
Այս հարցադրումը պարզելու համար, Հրեաներու ողջակիզումի արարքի օրինակը ,(այսինքն Նազզի իշխանութեան կողմէ հրեաներու դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը)նկատի առնելու ենք:Գերմանական հաստատութիւնները հրեայ համայնքին հատուցում կը շարունակեն վճարել.վնասի գոհացումները կրնան որպէս նախօրինակ նկատի առնուիլ «հայկական հարցին»,քանի որ Նազզիական Րեժիմն էր որ ոճիրը գործած էր եւ ո՛չ յաջորդող պետութիւնը՝արդի Գերմանիան:
Աւելին,նկատի առած Թուրքիոյ կեցուածքը յետ հայկական ցեղասպանութեան, յատկապէս այս ոճիրին դէմ իր ժխտական քաղաքականութեան որդեգրումը եւ պատժական օրէնքիհռչակաւոր306յօդուածը, որ կը պատժէ բոլոր անոնք որոնք հայկական ցեղասպանութիւնը կը ճանչնան եւ կամ Կիպրական հողերէն թրքական բանակին հեռանալը կը պահանջեն, այս բոլորը, կերպով մը 98 տարիներ առաջ գործուած ցեղասպամութեան մը անուղակի շարունակութիւնն է այլ խօսքով, տեսակ մը «շարունակութիւն » մըն է եւ ո՛չ «յաջորդականութիւն» մը:Հետեւաբար Թուրքիան հրաւիրուած էիր անցեալը վերատեսելու որպէսզի վերջ մը դնէ ոճիրին հետեւանքներուն:
Դոկտորականիս մէկ կարեւոր բաժինը յատկացուցած եմ «հայկական հարցին»անաչար եւ առարկայական լուծումներու ուսումնասիրութեան, նկատի առած բոլոր անուրանալի իրականութիւններն ու իրողութիւնները:
Ցանկութիւնս է իսկապէս լուծում մը գտնել Թուրք-Հայկական պայքարին,որ արդէն գրեթէ 100 տարիներու հարց է եւ կամ նուազագոյնը դուրս գալ այս անել կացութենէն,ուր այս բախիւնը երկար տարիներէ կը շարունակուի:
Ժամանակն է ո՛չ ըսել ատելութեան եւ ընդհակառակը՝խիզախութիւնը ունենալ այո՛ ըսել խաղաղութեան:
Խաղաղութիւն մը որ ամրապնդուած ըլլալու է երկու Պետութիւններու փոխադարձ յարգանքին վրայ:Յարգանք մը, հիմնուած պատմական իրականութիւններու ճանաչման ինչպէս նաեւ այժմու իրականութիւններուն վրայ:
Այլ խօսքով,այս բաժինը վերապահուած է հայկական ցեղասպանութեան ներկային ինչպէս նաեւ՝ իր ապագային:
Բոլորս իրազեկ ենք,թէ Ջարդի շրջանին, Հայկական պետութիւն գոյութիւն չունէր,1920-ին ծնունդ առած է Հայաստանի սովետական Հանրապետութիւնը եւ 1991-ին է որ Հայաստանը իր վերջնական անկախութիւնը հռչակած է:Այնուհետեւ անհրաժեշտութիւն մըն էր գնահատել նա՛խ Հայաստանի հմտութիւնն ու հանքամանքը դատական ատեաններու մէջ ներգործելու եւ դատական հոգածութիւնը գործելու վնասահատուցման իրաւունքին մէջ:
Վնասահատուցման իրաւունքըյայտարարուած է միջազգային իրաւաբանական խորհուրդի մէկ յօդուածի ծրագրին միջոցաւ.Օրինական յօդուածը իրաւամբ պատասխանատուութիւններու լուրջ խախտում կ'արձանագրէ, որոշ հրամայականներու ինչ որ իրաւասու է աղերսանքի բնութագրումին, միջազգայնօրէն անարդարացի համարելով զայն:
Ըստ որուն իւրաքանչիւր պետութիւն իրաւունքն ունի այլ պետութեան մը պատասխանատուութեան աղերսարկու դառնալու եթէ « խախտում արձանագրուած պարտաւորութիւնը իր ամբողջութեամբ, միջազգային հանրութեան կողմէ պայմանաւորուած ըլլայ:
Արդ,Միջազգային արդարադատութեան դատարանը «Barcelona Traction»հարցին մէջ,յայտարարած է «նկատի առած սոյն հարցին յոյժ կարեւորութիւնը բոլոր պետութիւնները իրենց կարգին դատական հատուցումներու իրաւունքը ունին այլ ուրիշ պետութիւններու դիմաց պարզապէս իրենց շահերը պահպանելու նախապայմանով,ուստի պարտաւորութիւնները բոլորին համահաւասար կերպով բաժնուած են:
Այստեղ խիստ անհրաժեշտ է զեկուցել Վիեննայի 26 Նոյեմբեր 1968-ի համաձայնագիրը, ոճիրներու աննախագրելիութեան,Մարդկութեան դէմ ոճիրներ,պատերազմի եւ ցեղասպանութեան ոճիրներ,հայկական ցեղասպանութեան եւ յատկապէս որ Թուրքիան այս համաձայնութեան չէ յարած:Սոսկ,իրապաշտ ըլլալու գնով,այսօր՝այն ինչ որ անցեալին պատահեցաւ արձանագրելը արդէն որոշ եզրի մը ներքեւ ընդունիլ է այն ինչ որ այսօր կը պատահի եւ այն ինչ որ կրնայ վաղը եւս պատահիլ:Որոշակիօրէն ,անգամի մը համար բնականոն երեւոյթի ծաւալ տալ Ցեղասպանութեան եւ նոյնպէս կանխաւ հրաժարիլ որ յետայսու որեւէ ձեւով նմանօրինակ ոճիրներ չկրկնուին:Հետեւաբար , հաստատօրէն ընդունուած է որ ցեղասպանութեան ոճիրը անկորստութիւն մընէ չնայած ժամանակավրէպ ըլլալու երեւոյթը:
Արդարեւ, 1968-ի եւ յատկապէս 1948-ի ցեղասպանութեան ոճիրին պայմանագրութեան գործադրութիւնը լրիւ կախեալ է Միջազգային արդարադատութեան դատարանի կողմէ գործադրելի կամ ո՛չ հակայետնեալ սկզբունքին գործադրութեան:Հաստատելով թէ 1915-ի ջարդերը ցեղասպանութեան ոճիր մը կը կազմեն,մեզի կը մղէ ուսումնասիրելու 1948-ի համաձայնագիրի գործադրութեան կարելիութիւնը հայկական հարցին յատկապէս Միջազգային արդարադատութեան ատեանին դիմաց, երբ Հայաստանը եւ Թուրքիան անդամ պետութիւններ են սոյն համաձայնագրին:
Ըստ վենետիկի 1969ի պայմանագիրերու օրինաց 28րդ յօդուածին,այս վերջիններս չեն կրնար յետնեալ ներգործութիւն ունենալ.սակայն այդ սկզբունքները որոշակի բացառութիւններ կրնան ունենալ օրէնսգիտութեան միջազգային հիմնաւորումներէն եւ կանոններէն մեկնելով:
1948-ի պայմանագրութիւնը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ միեւնոյն չափանիշերու կրկնութիւնը:Այսպիսի պայմանագրութիւններու յետնեալ աղբիւրները կը ներշնչուին այն ոճրային տուեալներէն, որոնցմէ ցեղասպանութեան ոճիրը,որոնք միջազգային սովորութական իրաւաբանութեան յարակից են,ուստի անոնք բացայայտիչ դերակատարութիւն մը ունեցան աշխատասիրութեանս մէջ:
Աւելցնենք նաեւ թէ Հայկական ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած ոճրային արարքներու արտածագման մեկնակէտնէ , որ մեզի առիթը շնորհած է դիմելու ցեղասպանութիւնը խափանողզանազան իրաւաբանական գործօններու որպէսզի այլուրիշ դէպքերու օգտագործուին:
1915-ի կայացած դէպքերուն հետեւանքով«մարդկային օրէնքները »հետեւանքն էին «մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներուն:
Հայոց բնաջնջումը, պատճառներէն մին էր մարդկութեան դէմ ոճիրը արգիլելուդատական կանոնի մը որդեգրումին եւ աւելի ուշ՝ցեղասպանութեան:
Հուսկ տրամաբանականօրէն կարելի է ձեռնարկել 1948-ի պայմանագրութեան գործադրումին, որովհետեւ սոյն համաձայնագիրը 1915-ի դէպքերէն ծնունդ առած ցեղասպանութեան լռելեան արտայայտութիւնն է :Սերտ կապակցութիւն մը կայ 1948-ի պայմանագրութեան եւ հայկական ցեղասպանութեան միջեւ:
1915-ին Հայ Օսմանցիներու ցեղասպանութեան ոճրային արարքի անտարակուսելի գոյութիւնը եւ միջազգային օրէնսդրութեան հիմամբ թուրք պետութիւնը որ սկզբունքով օսմանեան պետութեանյաջորդը կը նկատուի, պետական պատասխանատուութիւնը կը կրէ:Հայաստանի դատական շահերը ատեաններու դիմաց ներգործելու եւ բոլոր այս տուեալները մեզ կը մղեն լուսարձակի տակ առնելու միջազգային ապօրէն եւ դատական բոլոր կարելի հատուցումները:
Հետեւաբար հատուցման տարբերակները բացատրեցինք որոնցմէ հատուցում,գոհացում եւ պետականացում հարցին:Մեր գիրքին վերջին գլուխը ամենահետաքրքիր բաժինն է : Տրուած ըլլալով որ մեր անձնական մերձեցումը կը յայտնաբերուի,մօտեցում մը,որ հիմնուած է Պատմական իրադարձութիւններու եւ իրականութիւններու վրայ,նկատի առած դատական,պատմական,հանրահաւաքական բոլոր տուալները:
Մեկնելով հաւանական դատի մը գոյութեան զանազան դժուարութիւններէն, անմիջական պահանջքը կար արտադատական եւ քաղաքական ուղիներու դիմել հատուցման հարցը լուծելու համար:
Արդի դերակատարութիւնը Հայաստանի եւ հայկական սփիւռքի մէջ ապրող հայերուն, մեծապէս էական ազդակ մըն է հայկական հարցին քարոզչական աշխատանքին եւ ցեղասպանութեան հետեւանքներուն դասաւորման մէջ: Արդարեւ Հայերը գործունեայ էին Ժընեւի մարդկային իրաւունքներու ենթայանձնախումբային աշխատաանքներուն մէջ որուն ծիրէն ներս «ցեղասպանութեան ոճիրին կանխարգիլման »ծրագիրը պատրաստած էր:Սոսկ, այսպիսի ո՛չ պետական, անպաշտօն դերակատարութիւններ սահմանափակ են եւ որոշ անցարգելներ պաշտօնական մաշտաբի չափանիշերուն մէջ գործադրուելու են:
Հայկական Պետութիւնը դատական նախանձախնդրութիւնն ու յատկութիւնները ունի Թուրքիոյ դէմ պատասխանատուութեան պահանջքի մը գործընթացը սկսելու:Իրաւամբ հայկական պետութիւնը աւելի ազդեցիկ դերակատարութիւն եւ գործունէութիւն պէտք է բանեցնէ այս մարզին մէջ,յատկապէս ի՛նք է միակ պաշտօնական լիիրաւ խնդրոյ առարկան, որուն վստահուած է այս գործին ձեռնարկելը:
Այս հանգրուանին, յարմար կը նկատենք յիշել Հայաստանի եղծումը,նիւթ մը,որ անպատճառ իր հետեւանքը պիտի ձգէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ գոյացած խնդրահարոյց պայքարին,որովհետեւ Հայաստանի պետութեան մօտ սոյն հարցը լուրջ մօտեցման չէ արժանացած:
Ոչ պետական կազմակերպութիւնը՝«Թրանսբարէնսի ինդէրնասիոնալ»,2010ին լոյս տեսած իր հաղորդագրութեան մէջ կ'անդրադառնայ հայկական պետութեան եղծումի բարձրացումին զայն դասելով աշխարհի ամէնաեղծանելի կաշառքով լի 55 պետութիւններու շարքին:
Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած բնականոն յարաբերութիւններու դաշինքը ,որ բնաւ երբեք չէ վաւերագրուած երկու պետութիւններու իշխանութեանց կողմէ,յստակօրէն շեշտած է հայկական պետութեան եւ սփիւռքի միջեւ ներկայիս գոյութիւն ունեցող անհամաձայնութիւնը:Այս անհամաձայնութիւնը մեծապէս արգելք կը հանդիսանայ ցեղասպանութեան հարցին լուծում գտնելուն :
Հուսկ խիստ կարեւոր է ուսումնասիրել Միջազգային Ազգերու կազմակերպութեան կողմէ եւ շրջանի պետութիւններու կողմէ ապաւէն եղած բոլոր գօրծօնները,միջնորդութեամբը շրջանի մերձաւոր դրացի պետութիւններու դերակատարութիւնները ոճիրին հատուցման նիւթին շուրջ :Յատկապէս մարդկային իրաւունքներու յատուկ քաղաքացիական եւ քաղաքական խորհուրդին ,Միջազգային ազգերու ընդհանուր ատեանի,Ունեսքոյի եւ Եւրոպական Խորհուրդի կողմէ:
Սոսկ,նկատելով երկողմանի լուծումի փորձերը, հայկական հարցին ամէնապատշաճ լուծումները կը համարուին:Առանց ուղղակի երկխօսութեան եւ առանց երկողմանի ջանքերու եւ առանց փոխադարձ զոհողութիւններու հայկական ցեղասպանութիւնը երկու պետութիւններու միջեւերկրորդ դար մը եւս պիտի շարունակուի մնալ անլուծելի :
Երկու Պետութիւնները 268քմ միացեալ սահման ունի.Սակայն 1993էն սկսեալ այդ սահմանը փակ է իսկ երկու երկիրներու բնակիչներու յարաբերութիւնները օրէ օր սակաւ դարձած են 90-ական տարիներուն քան սովետականշրջանին:
Սահմաններու փակումը երկու երկիրներուն համար ծանր հետեւանքներ ունի:Յատկապէս Հայաստանի համար, որուն երկու հիմնական սահմանները փակուած են( Թրքական եւ Ազրպէյճանական սահմաններ)
Մեկնելով սոյն հարցէն էական էր քննարկել Հայ- ազրպէյճանական հարցը եւ անոր հակադարձութիւնը թուրք-հայկական հարցին աւարտին :
Հայ Ազրպէյճանական հարցին տագնապը անմիջականօրէն գլխաւոր հետեւանքն է 2009-ին ստորագրուած բնականոն յարաբերութիւններ մշակելու համաձայնութեան ձախողութեան:
Թուրքիան որպէս Ազրպէյճանի դաշնակից ,բնականոն յարաբերութիւններու մշակումը կը պայմանաւորէ Ազրպէյճանի հետ Ղարաբաղի հարցին հողային ամբողջական տարածքի լուծման հետ,ուր բնակչութեան մեծամասնութիւնը ամբողջութեամբ հայեր են:
Արդարեւ,Հայ-Ազրպէյճանական հարցին լուծումը Թրքական-Հայկական հարցին լուծման պիտի օժտէ :
Հայաստանը փոքր երկիր մըն է,սահմանափակ ապաւինելի ուժերով:հարկ է ներածել իր ներքին պահանջքին գոհացում շնորհելու համար:Եւ արտածել եկամուտ ապահովելու գնով:Հայաստանի տնտեսական իրավիճակը ուսումնասիրող բազմաթիւ միջազգային հիմնարկներ կը նկատեն թէ թուրք-Հայկական սահմաններու արգելափակումը երկրի տնտեսական գլխաւոր հարցերու պատճառն է:
Աւելին,տրուած ըլլալով որ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի փակումը պատճառ մըն է,որ Հայաստանը կ'անջատէ դուրսի աշխարհէն:
Մեկնելով այս տագնապէն անհրաժեշտութիւն մըն էր քննարկել Հայ-Ազէրիական տագնապը եւ իր հակադարձութիւնը թուրք-հայկական փոխադարձ բնականոն յարաբերութիւններու ստեղծման:
Հետեւաբար, Միջազգային ազգերու Կազմակերպութեան հովանաւորութեամբ եւ միջնորդութեամբը միջազգային տեղեկագրութեան հայ-Ազէրի հարցին լուծման հեռանկար մը առաջարկուած է:
Հուսկ սահմանի արգելափակման վերնալը կենսական կը նկատուի Հայաստանի համար,սակայն նուազ անհրաժեշտ Անգարայի համար,ուր կը նկատենք թէ անոր տնտեսական արժէգինը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Ազրպէյճանի հետ զեղչուած շահերու համաձայնութիւն մըն է:
Արդ Հայկական հարցի լուծման մեր անձնական հեռանկարը հիմնուած է երկու առաջարկներու վրայ՝ճանաչում/թողում:
Հայկական պահանջատիրութիւնը նախապէս յիշուած երեք պահանջքներու վրայ հիմնուած է:
Սոսկ իրականութիւնը բոլորովին տարբեր է եւ գրեթէ անկարելի է այդ նպատակներուն մեծամասնութիւնը իրագործել ,զանց առնելով Թուրքիոյ ճանաչումը հայկական ցեղասպանութեան, որ բարոյական պարտաւորութեան մը անհրաժեշտութիւնն է հակառակ այն բանին որ կարելի չէ այպանել Թուրքին եթէ ինք ցեղասպանութեան պատասխանատուութիւնը կը զլանայ եւ կամ մերժողական եւ ժխտական քաղաքականութիւն կը վարէ :
Ճանաչումը հիմնաւորուած է այն տուեալին թէ Օսմանեան Կայսրութիւնը եւ Օսմանեան իշխանութիւնը գործած էՀայկական ցեղասպամութիւնը եւ ոչ թէ Թրքական արդի պետութիւնը:Ուստի սոյն ոճիրը գործադրուած է Օսմանեան գերիշխանութենէն ճողոպրածներու դէմ,որոնք հայկական ծագում ունէին եւ ոչ թէ Հայաստանցի հպատակութիւն ունեցողներու դէմ:
Մինչ Հայաստանի կողմէ թողում շնորհելը հիմնուած է գրեթէ անկարելի դատական ընթացքի վրայ. նկատի առած արդի Թուրքիոյ դատական կամ քաղաքացիական պատասխանատուութիւններ կրելու բազմաթիւ արգելքները,եւ միանգամայն դժուարութիւնը՝ արեւմտեան հայաստանի հողերու վերադարձին,եւ այս պատմական տաղտուկ վիճակէն դուրս գալու գնով՝ Թուրքիոյ կողմէ ճանաչում մը Հայերուն, մեծ գոհունակութիւն պիտի ընծայէ,եւ հսկայական արարք մը պիտի ըլլայ Թուրքին կողմէ,ինչ որ նաեւ գոհացուցիչ հատուցում մը պիտի ըլլայ Պատմութեան եւ նահատակներուն յիշատակին :
Հուսկ թուրք-Հայկական տագնապը անկարելի է գործադրել միայն քաղաքական եւ համաձայնութեան միջոցաւ:
Տրուած ըլլալով որ Հայկական հարցի լուծումը իրօք դատական միջոցներով անլուծելի կընկատուի,անհրաժեշտ է լուծում մը գտնել այս պատմական հարցին:Սերունդները խաղաղութեան մէջ կը ցանկան ապրիլ այլեւս,խաղաղութիւնը ձեռք ձգելու համար, առարկայականօրէն եւ խիզախօրէն ճանչնալու ենք դժուարութիւնները եւ երկու երկիրներու միջեւ բազմաթիւ շահերու մասին մտածելու ենք:
Նաեւ այս մարզին մէջ,պէտք չէ մոռնալ Թուրքին կողմէ ճանաչման արարքին այն բազմաթիւ առաւելութիւնները որոնք պիտի օժտեն ԵւրոՄիութեան անդամակցութեանը:1993ի Քոփընհակընի դատանիշի համաձայն՝«հաստատ հիմնարկութիւններկ'ապահովեն ժողովրդավարութիւն, առաջնութիւն օրինաց,մարդկութեան իրաւունքներ,փոքրամասնութիւններու յարգանք եւ անոնց պաշտպանութիւնը:
Սոսկ Անդամակցութեան հարցը այլուրիշ հարցի մըն ալ կապուած է նոյնքան կարեւոր որքան Հայկական ցեղասպանութիւնը,որն է Թրքական գերիշխանութիւնը հիւսիսային Կիպրոսին:
Կիպրական հարցը Եւրոպական Միութեան կնճռոտ հարցերէն մին է այս հարցին լուծումէն կախեալ է անդամակցութեան հարցը Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան:
Առաւել,բացարձակապէս կարեւոր է նշումը Հայկական հարցին միջազգային արդատադատութեան ձախողութիւնը,որ շուրջ դար մը ամբողջ ոչինչ շնորհած է հայկական ցեղասպանութեան հարցին :Այլ ընդհակառակը այս արդարութիւնը նկատի ունենալով իր ներգործելու անկարութիւնը, այսպիսի լուրջ ոճիրներու եւ պատասխանատուներու պատժական միջոցներու դիմելու կամ զոհերու հատուցում շնորհելու փոխարէն, հայկական ցեղասպանութենէն ետք այլուրիշ ոճիրներու առիթ տուին:
Ի վերջոյ հարկ է ընդունիլ թէ խաղաղութեամբ ապրելու ժամանակը հասած է: Ժամն է այլեւս մեզ ի մի մերձեցնող բաներու նայիլ եւ ո'չ այն ինչ որ մեզ կը բաժնէ: Հարկ է խիզախ ,յանդուգն ու համարձակ ըլլալ. Գրեթէ հարիւր տարիներէ ի վեր ոճիրը գործադրուած է եւ ոչինչ փոխուած է առ այսօր:
Նոր սերունդները խաղաղութեամբ կը ցսնկան ապրիլ անոնք դրական ակնարկով կը դիտեն Հայաստանի հարցերուն եւ դրացիներու հետ վէճերուն :Անոնք կ'ուզեն Նորաձեւ արդի Հայաստան մը՝ Ամերիկայի Միացեալ նահանգներուն բացուած որոնցմէ նաեւ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի
Վերջապէս , հիմնականօրէն նպատակս երկու երկիրներու գաղափարները մօտեցնելն է եւ անել կացութենէն դուրս գալն է եւ յանգիլ այնպիսի աւարտի մը որ թէ՛ Թուրքիոյ ,եւ թէ՛ Հայաստանին շահերը կը գոհացնէ ինչպէս նաեւ միջազգային եւ համաշխարհային արդարադատութեան եւ խաղաղութեան յօգուտ:
Հայկական հարցին շուրջ դատական հատոր մը գրելը իմ ցանկութիւնս էր իրաւաբանական գիտութիւններու ուսումս ստացած օրէս :
Յոյսով եմ որ անգամ մը ,որ նպատակս իրականացուցի կարողացայ նաեւ սոյն հարցին որոշ նորութիւններ բերել:Այս հատորը,ամբողջ կեանքիս ընթացքին, մեկնակէտ մը պիտի ըլլայ ինծի համար իմ նպատակիս եւ պայքարիս մինչեւ վերջնականապէս իրագործումը այս հարցին:
Ի վերջոյ, կը յուսամ որ այս գիրքը ՝հիմնուելով Ժան Մուլէն Համալսարանի մէջ-Լիոն Ֆրանսա, իմ դոկտորական դէզիս, համեստ պատգամ մը դառնայ,Հայ եւ Թուրք ժողովուրդներուն,որոնք կը ցանկան խաղաղութեան եւ բարեկամութեան մէջ ապրիլ:
Նաեւ Հայկական ցեղասպանութեան զոհ գացած իմ նախնիներուս անմար յիշատակին :
Րոտնի Տաքէսեան
14-3-2015